2014-08-08 09:41:50

Արեւելքի Քրիստոնեայ Հոգեւոր Պետերը` ”Ո՛չ Քրիստոնեաներուն արտահանումին” ։


Լիբանանի մէջ, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հրաւէրով հինգշաբթի 7 օգոստոսին Տիմանի մէջ տեղի ունեցաւ Արեւելքի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն յատուկ կրօնական վեհաժողովը, որուն ընթացքին քննարկուեցան շրջանին եւ Լիբանանի իրադարձութիւնները, յատկապէս Իրաքի մէջ քրիստոնէական գոյութեան սպառնացող վտանգներն ու Իրաքը քրիստոնէաթափ շրջանի մը վերածելու արարքը:
Վեհաժողովին ներկայ էր նաեւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց`Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը:
Վեհաժողովը խստիւ դատապարտեց Իրաքի, Սուրիոյ եւ այլ շրջաններու մէջ քրիստոնեաներուն դէմ գործուած սպանութիւններն ու բռնաճնշումները` շեշտելով, որ Մուսուլի եւ Նինուէի մէջ քրիստոնեաներուն հալածանքը խստիւ մերժելի է եւ պահանջուածը այն է, որ Իրաք դարձեալ վերադառնայ իր նախկին դիմագիծին, այսինքն` Իրաքի քրիստոնեաները վերադառնան իրենց բնակարանները, իսկ ահաբեկչական խմբաւորումներուն ֆինանսաւորումին վերջ տրուի:
Վեհաժողովէն ետք մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը կարդաց ներկաներուն նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ ան միջազգային ընտանիքէն պահանջեց` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ընդմէջէն տալու որոշում մը, որուն հիման վրայ քրիստոնեայ իրաւատէրերը վերադառնան իրենց բնակարանները:
Հոգեւոր պետերը պահանջեցին ահաբեկիչները ուղղակի կամ անուղղակի ֆինանսաւորող երկիրներէն եւ պետութիւններէն վերջ տալ իրենց արարքներուն, որովհետեւ կրօնական ծայրայեղութիւնը իր ժխտական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ բոլորին վրայ:
Հոգեւոր պետերը խստիւ դատապարտեցին նաեւ Հալէպի մէջ առեւանգուած երկու առաջնորդ եպիսկոպոսներուն թղթածրարին նկատմամբ ցուցաբերուած անտեսումը:
Անոնք կարեւոր նկատեցին նաեւ Սուրիոյ դէմ պատերազմին կասեցումը` անհրաժեշտ նկատելով քաղաքական լուծումները:
Լիբանանեան առումով պատրիարքները կատարեալ զօրակցութիւն յայտնեցին լիբանանեան բանակին` ահաբեկչութեան դէմ անոր մղած պայքարին առումով եւ այս իմաստով անոնք գնահատեցին լիբանանցիներուն միասնականութիւնը:
Վեհաժողովին ընթացքին շեշտուեցաւ հաւատադրժողական այս խմբաւորումներուն նկատմամբ թուլութիւն չցուցաբերելու անհրաժեշտութիւնը:
Քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը դատապարտեցին Կազայի դէմ իսրայէլեան պատերազմը` պահանջելով լուծել պաղեստինեան դատը եւ ապահովել պաղեստինցի գաղթականներուն տունդարձը, ինչպէս նաեւ ապահովել արաբական հողերէն (Պաղեստին, Սուրիա, Լիբանան) իսրայէլեան ուժերուն հեռացումը:







All the contents on this site are copyrighted ©.